2014-12-03 09:02:56

Սկիզբ առաւ միջազգային աստուածաբանութեան յանձնախումբի լիանիստ ժողովը` ''չբաժնել տեսութիւնը գործնականէն''։


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի 1 դեկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ միջազգային աստուածաբանութեան յանձնախումբի լիանիստ ժողովը։
Այս առթիւ արտասանած իր զեկոյցին մէջ, կարդինալ Միւլեր` կառավարիչը հաւատքի վարդապետութեան ժողովին եւ նախագահը աստուածաբանութեան միջազգային յանձնախումբին ըսաւ. ''Աստուածաբանութիւնը կը սկսի, կը ծնանի ու կը գործադրուի ծիսակատարութեամբ, Աստուծոյ խորհուրդի երկրպագութեամբ ու Մարդացեալ Աստուծոյ Բանին մասին խորհրդածութեամբ։ Աստուածաբաններուս համար բաւարար չէ որ մեր իմացականութիւնը, կարողութիւնները ու հանճարը տրամադրենք հաւատքի խորհուրդին, մենք ամէնէն առաջ պէտք ունինք անոր Հոգիին, աստուածային իմաստութեան։ Շնորհիւ ծիսակատարութեան կարող ենք ըմբռնել թէ ինչպէս աստուածաբանութիւնը հիմնովին կը կայանայ Աստուծոյ սիրոյ ճանաչումով։ Աստուածաբանները կ’աշխատին Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ համար ու յանուն Եկեղեցւոյ։ Քրիստոնէական հաւատքը, արդարեւ անտրամաբան փորձառութիւն մը չէ։ Մենք կանչուած ենք Պետրոս առաքեալի նման միշտ պատրաստ ըլլալ հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ ներկայացնելու ամէն մէկուն` որ կը խնդրէ ձեզմէ, ձեր մէջ եղած յոյսին պատճառը։ Ուստի աստուածաբանութիւնը լոկ հայեցողութիւն մը չէ, տեսութիւն մը անջատուած հաւատացեալի կեանքէն, անիկա միշտ ունեցած է հովուական ծաւալ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.